Այս նամակը ստացել եմ այսօր, որը եւ ցանկանում եմ ներկայացնել Ձեր ուշադրությանը:
Ի՞նչ կը նշանակէ Հայ ըլլալ
1. Երկրի մը մէջ ծնիլ, ուրիշ երկիր մը ապրիլ, տարբեր երկրի մը մէջ մեռնիլ և չորրորդ տեղ մը թաղուիլ:
2. Բազմաթիւ լեզուներ խօսիլ, սակայն ոեւէ մէկ կատարեալ չգիտնալ, մանաւանդ հայերէնը:
3. Անաստուած ըլլալու իսկ պարագային, եկեղեցի յաճախել, կրօնական արարողութեանց հետեւիլ բան մը չհասկնալով:
4. Եկեղեցիի մը թաղական ըլլալ, առանց անոր օրէնքները ճանչնալու:
5. Խոնարհ ըլլալ օտարներու հանդէպ և գոռոզ՝ իր ազգակիցներուն:
6. Ապրիլ օտար երկրի մը մէջ հայրենիքի կարօտովև հայրենիքի մէջ՝ օտար երկիրներ երազելով:
7. Ողբալ հայերէն լեզուին նահանջին, բայց տան մէջ օտար լեզուով խօսիլ:
8. Ընկերային դիրքը բարձրանալուն զուգահեռ հայութիւնը մոռնալ, զայն յիշել միայն երբ ծերութեան դուռը հասնի:
9. Ունենալ արեւելահայերէն և արեւմտահայերէն, երկու ուղղագրութեամբ:
10. Օտար լեզուով խօսիլ, հայերէն աղօթել, թրգերէն երգել և հայհոյել:Այս անստորագիր ասացուածքները քաղած եմ տարիներ. առաջ. ուզեցի զանոնք թերթին յանձնել նկատելով անոնց այժմէականութիւնը, անշուշտ միշտ յարգելով բացառութիւնները:
Ատրինէ Գաբրիէլեան
F5blog.com: 100% Armenian Blog - Your Fresh Ideas Online!
Գրառման հեղինակ՝ F5-admin | Բաժինը՝ Տարբեր | 0 մեկնաբանություն • Ուղարկել ընկերոջը