Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, համայն սփիւռքահայութեան անունով կու գայ յայտնելու իր ամբողջական զօրակցութիւնը Հայաստանի մէջ թափ առած համաժողովրդական շարժումին ազատութեան ու արդարութեան համար իր մղած այս պայքարի ընթացքին, ու աւելի քան վստահ ենք անոր վերջնական յաղթանակին:
Արտասահմանի մէջ ապրող հայ ժողովուրդի զաւակները վայրկեանը-վայրկեանին կը հետեւին մայր հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ ժողովրդային վեհ շարժումի ստացած լայն տարողութեան:
Մենք կը դատապարտենք ժողովուրդի ձայները գողնալու միջոցաւ հերթական յեղաշրջումը իրականացնելու փորձերը եւ վստահ ենք որ այդ քայլերը պիտի մատնուին ձախողութեան, շնորհիւ մեր բոլորի միասնականութեան:
Մենք կզգուշացնենք Հայաստանի իշխանութիւններուն հեռու մնալ խաղաղ ժողովուրդի դէմ բռնամիջոցներ օգտագործելու ամէն տեսակի արկածախնդրական քայլերէ:
Մենք կը պահանջենք Կետրոնական Ընտրական Յանձնաժողովէն հաստատել Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի յաղթանակը որպէս ազգընտիր նախագահ:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան սփիւռքեան կառոյցները իրենց բոլոր միջոցները ի սպաս դրած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան վերահաստատման եւ բռնատիրական ռեժիմի տապալման գործին:
ԹԷեւ հազարաւոր մղոններ իրարմէ հեռու, Հայ ժողովուրդի երկու հատուածները, վերջին տասնամեակին երբեք իրար այսքան մօտ եւ հարազատ չեն եղած, որքան այս պահուն: Մեր միտքը, մեր սիրտը ու մեր հոգին Հայրենիքի ժողովուրդի հետն է:
Կեցցէ Համաժողովրդային շարժումը
Կեցցէ Հայաստանը
Ս.Դ.Հ.Կ.Կեդրոնական Վարչութիւն
Լոս Անճելըս
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Փետրուար 22, 2008
F5blog.com: 100% Armenian Blog - Your Fresh Ideas Online!
Գրառման հեղինակ՝ F5-admin | Բաժինը՝ Ընտրություններ-2008 | 0 մեկնաբանություն • Ուղարկել ընկերոջը